2015-04-13 13:08:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 13 ապրիլի քարոզը` ''Խօսիլ առանց վախի եւ անկեղծութեամբ''


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը անկեղծութեան եւ  ազատութեամբ արտայայտուելու ուղեւորութիւն է։

Երկուշաբթի, 13 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը նկարագրուին Յիսուսի Յարութենէն ետք Առաքեալներու ապրած փորձառութիւնները, Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց  թէ՝ լոկ, Սուրբ Հոգին է, որ  կարող է փոխել մեր բռնած դիրքերը, մեր կեանքի պատմութիւնը եւ ինքն է մեզ քաջալերողը։

''Մենք չենք կրնար լուռ մնալ  մեր  ապրած փորձառութիւններուն նկատմամբ եւ չենք կրնար չի խօսիլ մեր լսածներուն մասին'' հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկելով Յովհաննէսի եւ Պետրոս առաքեալներուն, որոնք հրաշքներ գործելէ ետք բանտարկուեցան եւ Քահանայապետերու կողմէ սպառնալիքներու ենթարկուեցան որպէսզի չի  խօսին Յիսուսի անունով, ընդգծեց, թէ Առաքեալները շարունակեցին երթալ իրենց եղբայրներուն մօտ եւ  զանոնք  քաջալերել հռչակելու համար Աստուծոյ Խօսքը։

Այսօր եւս, ըսաւ Սրբազան Հայրը , եկեղեցւոյ պատգամն է՝ ''անկեղծութեան­ քաջալերանքի պատգամը, որուն գլխաւոր դերակատարն է Սուրբ Հոգին, որովհետեւ միայն Ան է, որ կարող է մեզի՝ շնորհք պարգեւէ ու մեզ քաջալերէ։

Եկեղեցին, Սուրբ Զատկուայ տօնէն ետք, մեզ կը պատրաստէ ընդունելու Սուրբ Հոգին։

Հայցենք Տիրոջմէն շնորհքը՝ Սուրբ Հոգին ընդունելու­ որպէսզի Ան  պարգեւէ մեզի ճշմարիտ  քաջութիւնը,  հռչակելու համար Յիսուս Քրիստոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.